2011-07-01 13:38:04

Յարութ Շիթիլեան ` Մոնրէալի Քաղաքապետական Խորհուրդի Նախագահի Թեկնածու։


Մոնրէալի քաղաքապետ Ժերալտ Թամպլէ յայտարարեց, որ ինք կը յանձնարարէ, որ Յարութ Շիթիլեան նշանակուի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ: Քաղաքապետը կը նշէ, որ իր պաշտօնը ստանձնելու պարագային Շիթիլեան Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ նախագահը պիտի ըլլայ:
30-ամեայ Յարութ Շիթիլեան Մոնրէալի մէջ պետական բազմաթիւ պաշտօններ վարած է: Նախքան քաղաքականութեան ասպարէզ մուտք գործելը, ան ճարտարապետութիւն ուսանած է եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ շարք մը միջազգային ընկերութիւններու մօտ մասնագէտ խորհրդականի պաշտօններ վարած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.